2016-11-13 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 նոյեմբերի Մարեմեան աղօթքը` ''Աստուած իր զաւակները չի լքեր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 13 նոյեմբեր 2016-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն առաջ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը կեդրոնացած օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր Յիսուս կը խօսի Երուսաղէմի կործանումի, կանխայայտ նշաններու ու  վերջին ժամանակներու մասին։

Յիսուս նայելով Երուսաղէմի տաճարին կ՛ըսէ ''Պիտի գան օրեր երբ այդ ձեր տեսածները` քար քարի վրայ պիտի չմնան, ու ամէնը պիտի քանդուի''։ Այս խօսքերով Ան կ՛ուզէ հասկցնել թէ մարդկային կառոյցները եւ նոյնիսկ ամէնէսրբազան վայրերը, անցողական են ու անոնց վրայ կարելի չէ վստահիլ։

Յիսուս ապա կը զգուշացնէ սուտ մարգարէներէն ''Զգոյշ եղէք եւ մի թողուք որ ձեզ խափէն'', որոնք Իր անունով պիտի գան։ Ապա կը յանձնարարէ ''չի զարհուրիլ երբ կը լսենք պատերազմներու ու խռովութիւններու մասին''­, որովհետեւ անոնք մաս են աշխարհի իրողութեան։

Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լի է այնպիսի անձնաւորութիւններու օրինակով որոնք համբերութեամբ կռեցին չարչարանք ու խռովութիւններ, որովհետեւ գիտակից էին թէ իրենք կը գտնուէին Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ որ է հաւատարիմ ու հոգատար Հայր մը` որ երբեք չի լքեր իր զաւակները - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակեց ''Կառչած մնալ Տիրոջ մէջ, քալել յոյսի ճանապարհով ու աշխատիլ` կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու անձնական ժխտական փորձառութիւններուն, ամենակարեւոր իրականութիւնն է­, եւ այս է որ կը պահանջուի քրիստոնեայ հասարակութենէն` դէպի Տիրոջ Օրուան ուղեկցութեան ընթացքին։  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ապա նշեց թէ այս է հեռանկարը ու յանձնառումը որ այս օրերուն ապրեցանք­, Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի ընթացքին­, որ այսօր կ՛աւարտի աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ­, Սուրբ Դռներու փակման արարողութեամբ։

Սուրբ Տարին մեզ խրախուսեց մէկ կողմէն մեր աչքերը սեւեռած պահելու Աստուծոյ Արքայութեան լիութեան­, ու միւս կողմէն կառուցելու այս աշխարհի ապագան - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու ընդգծեց թէ ''Յիսուս Աւետարանին մէջ  կը յորդորէ մեր սրտին ու մտքին մէջ ամուր պահել այն վստահութիւնը թէ Աստուած է որ կը կերտէ պատմութիւնը ու գիտէ ամէն մէկ բանի ու անցուդարձի վախճանը''։

Տիրոջ Ողորմած Հայեացքին տակ է որ կը պարզուի պատմութիւնը իր  անորոշ ու բարիին ու չարին միահիւսման մէջ։ Սակայն ամէն ինչ որ կը պատահի Անոր մէջ պահպանուած է ու մեր կեանքը կարելի չէ որ կորսուի, որովհետեւ անոր ձեռքերուն մէջ կը գտնուի - ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով Աղօթել Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի մեզ օգնէ հաստատ պահելու յաւերժութեան ու Աստուծոյ արքայութեան մէջ մեր յոյսը, եւ որպէսզի մեզի հասկցնէ ճշմարտութեան այն խոր իմաստը թէ` ''Աստուած իր զաւակները չի լքեր''։

Նորին Սրբութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներուն հուսկ բոլորին մաղթեց Բարի Կիրակի ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.